ՁՕՆ ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻԻՆ` ԱՆՆԿՈՒՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍԻՆ

(1884-1983)


ՈՎ Է ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻՆ

«Մարդը» (1961), Մարտիրոս Սարյան (կորսուած է անյայտ հանգամանքներու բերումով)

«Մարդը» (1961), Մարտիրոս Սարյան (կորսուած է անյայտ հանգամանքներու բերումով)

Հայ ժողովուրդի տարեգրութեան չլսուած հատոր: Ոչ թէ Մեծ Եղեռնի վերապրողի մը հերթական վկայութիւնը, այլ ազգային վրիժառուի կտակարանը:

Մահուան դատապարտուած եղեռնագործները փախուստի մէջ էին՝ շարունակելով մնալ Հայ ազգի սպառնալիք: Կրկին կը պատրաստուէին համախմբուիլ, որպէսզի գրեն Հայերու ոչնչացման վերջին էջը: Սակայն 1920-1922 «Նեմեսիս» գործողութիւնը վիժեցուց իրենց ջանքերը:

Նեմեսիս գաղտնանունով յայտնի Շահան Նաթալին պատասխանատու կազմակերպիչն էր այդ գործողութեան, որ դատաստան տեսաւ Հայոց ցեղասպանդի գլխաւոր

ոճրագործներու նկատմամբ՝ ներառեալ Երիտթուրքերու Թալէաթ, Էնվէր և Ճեմալ փաշաները:

ԱՐԽԻՒԻ ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾՈՒՄ

Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ երկեր փորձած են վերակառուցել մարդկային պատմութեան դաժանագոյն վայրագութիւններէն մէկի խճանկարը: Սակայն էական խիճ մը չափէն երկար ժամանակ կը պակսի: Այն ալ Նեմեսիսի դստեր ձեռքերուն մէջ է:

Գրադարանագիտութեան Տոքթոր Սիլվա Նաթալի Մանուկեան ձեռնարկած է յանդուգն նախագիծ մը՝ Շահան Նաթալիի ամբողջ մտաւոր ժառանգութեան երկար սպասուած հրատարակումը: Բազմահատորեակն ընդգրկելու է Նաթալիի օրագրերը, յուշերը, նամականին, հրապարակախօսութիւնները, բանաստեղծութիւնները, պատմուածքներն ու թատերգութիւնները: Հատորները պիտի ներառեն նաեւ նմանագրեր, օրինակագրութիւններ, թարգմանութիւններ և ծանօթագրութիւններ:

ԻՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՔ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ

«Շահան Նաթալի» Ընտանեկան Հիմնադրութիւնը նպատակադրուած է այս նախաձեռնութեան գինեձօնը տօնած ըլլալու մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը 2015-ին: Շահան Նաթալիի մտաւոր ժառանգութեան յաւերժացումը կախեալ է ձեր նման աջակիցներու մեծ և փոքր նուիրատուութիւններէն: Ձեր

հարկանուազեցնող նուէրը կ'օգնէ հոգալ օրինակագրման, թարգմանութեան, ուսումնասիրութեան, տեսածրման, տպման, հրատարակման և տարածման ծախսերը: Ձեր օժանդակութեամբ լրացնենք մեր պատմութեան բացակայ էջերը:

Ձեր հարկանուազեցնող նուիրատուութիւնը կատարեցէք համացանցում` սեղմելով այս կոճակը`

Կարող եք նաեւ Ձեր նուիրատուութիւնը կատարել վճարագրով` SNFF, Inc. Attn: S.N. Manoogian, 3727 West Magnolia Blvd, Suite 215, Burbank, CA 91505. Սեղմեցէք այս կոճակը, տպեցէք ձեւը, լրացուցէք եւ փոստով ուղարկեցէք Ձեր վճարագրի հետ միասին.

«Շահան Նաթալի» ընտանեկան հիմնադրութիւնը Ձեզ շնորհակալագիր մը կուղարկէ որպէս Ձեր նուիրատութիան վկայութիւն.

Shahan Natalie (1884–1983) կը համարուի հայոց ազգային փիլիսոփայութեան առաջատար գործիչներէն մեկը. Շահան Նաթալիի գաղափարախոսութեան, կեանքի և ստեղծագործութեան վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններու համար սեղմեցէք այստեղ.

«Շահան Նաթալի» ընտանեկան հիմնադրութիւնը (ՇՆԸՀ) շահույթ չհետապնդող 501(c)(3) կազմակերպութիւն մըն է, որը Քալիֆորնիոյ մէջ գրանցուած է իբրեւ հարկերէն ազատուած հանրօգուտ կորպորացիա 1999 թ. օգոստոսի 11ին։ ՇՆԸՀ նույնպէս գրանցուած է Արցախում իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն` հարկերէն ազատուած կարգավիճակով, 2000 թ. հուլիսի 26ին։